2011-08-01 13:56:05

Մէկ Օգոստոսին Սկիզբ Կ'առնէ Ռամատանը` Իսլամներու Ծոմապահութեան Շրջանը


Այս տարի Ռամատանի ծոմապահութիւնը կը զուգադիպի տարւոյն ամենատաք շրջանին եւ օրերը երկար են եւ տաք. անիկա կախեալ է լուսինի տարեցոյցէն ։ Ռամատանին՝ մահմետականներուն արգիլուած է ուտել եւ խմել առաւօտէն մինչեւ երեկոյեան։ Մանուկները, հիւանդները, ճամբորդող անձերը կրնան ծոմ չպահել ։ Տարեցները եւ յղի կիները, եթէ անոնց առողջութիւնը չի ներեր, անոնք եւս կրնան չկատարել ծոմապահութիւնը։
Դէտերու համաձայն՝ 2011-ի ռամատանը, արաբական շատ մը երկիրներու համար կրնայ դառնալ զայրոյթի ռամատան։ Հաւանաբար բողոքի ցոյցերը բազմանան եւ անոր հետ նաեւ հարստահարումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.